ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր, իր ստեղծագործական գործունէութեան 70-ամեակին առիթով, համերգ պիտի տայ Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով Italia-ru.com կայքը։Ազնաւուրի համերգը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 14-ին` «Արենա» մարզադաշտին մէջ: Ինքը` երգիչը, կը պնդէ, որ Վերոնայի մէջ կայանալիք համերգը պիտի ըլլայ «խիստ անձնական»` նուիրուած Իտալիոյ եւ իտալացի հանդիսատեսի հանդէպ տածած իր սիրոյն: Իր գործի անթերի վարպետ Ազնաւուրը՝ բազմաթիւ համերգներ տուած է աշխարհի աւելի քան 90 երկրի մէջ: Անոր երգացանկին մէջ ներառուած է մօտ 1200 ստեղծագործութիւն: Յայտնի է, որ ասպարէզի ընթացքին Ազնաւուրը թողարկած է 294 ալպոմ: Նշենք, որ այս տարի Ազնաւուր նշեց իր ծննդեան 92-րդ տարեդարձը: