Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

PKK-ի հիմնադիր Օճալանի «պատգամ»ը լսելով՝ քիւրտերը դադրեցուցին հացադուլը

Օրեր առաջ հացադուլ սկսած աւելի քան 50 քիւրտ գործիչներ դադրեցուցին հացադուլը:  Քիւրտ գործիչները այս որոշումին յանգեցան լսելէ ետք PKK-ի հիմնադիր համարուող Ապտիւլլահ Օճալանի «պատգամ»ը: Նշենք, որ  Օճալանի եղբայրը Մոհամմատ, երէկ վերջինիս հետ հանդիպում մը ունենալէ  ետք  լրագրողներուն հետ խօսելով յայտնած էր, թէ Օճալան առողջական  լաւ վիճակի մէջ է: Օճալան, որ յայտնի է Աբո անուանումով նաեւ ըսած է, թէ ինք պատրաստ է քաղաքական ծրագիր ներկայացնել Անգարային վերջ տալու համար շուրջ տարիէ մը ի վեր քիւրտ զինեալներու եւ թուրք բանակային ուժերուն միջեւ սաստկացած ռազմերուն: Յիշեցնենք, որ 1999-էն ի վեր ցկենաս բանտարկութեան պատիժ կրած Օճալան  վերջին մէկ տարուան ընթացքին   պետական  արգելքներով հանդիպում չէր ունենար, իր փաստաբաններուն եւ ընտանեկան պարագաներուն հետ:

Օճալանի Անգարայի հետ երկխօսութիւն ընելու այս կոչը առաջինը չէ, իր տեսակին մէջ եւ ան ասկէ շուրջ տարի առաջ նմանատիպ նամակ- կոչով հանդէս եկած էր:

1984 -ին Ծայր առած  թուրք- քիւրտ բախումներուն հետեւանքով զոհուած 40.000 մարդ: Քրտաբնակ հարիւրաւոր գիւղեր եւ աւաններ յայտնուած են ծայր աստիճան ծանր եւ ողբերգական պայմաններու մէջ, մինչ Էրտողանի իշխանութիւնները մասնաւորապէս յուլիսի դէպքերէն յայտարարած են,որ ամէն գնով պիտի «ճզմեն» PKK–ի զինեալներու  ամբողջ կարողականութիւնը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ