ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տիմիթրի Մետվետեւի հետ:
Կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` ՀՀ վարչապետը շնորհաւորած եւ բարեմաղթանքներ յղած է Ռուսաստանի իր գործընկերոջ ծննդեան օրուայ առթիւ:
«ՀՀ վարչապետը կարեւորած է ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւններու գործօն համագործակցութիւնը եւ երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը` ի շահ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ ամրապնդման թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափով, որոնց շարքին նաեւ` Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: