Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի վարչապետը շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանին՝ վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ: Ինչպէս կը յայտնեն ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն, ուղերձի մէջ ըսուած է.

«Յարգարժա՛ն պարոն Կարապետեան,

Ընդունէ՛ք սրտանց շնորհաւորանքներս ու բարեմաղթանքներս՝ ՀՀ վարչապետի պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առթիւ:

Համոզուած կրնամ պնդել, որ Ձեր գործունէութեան ողջ ընթացքին պատասխանատուութեամբ եւ սրտացաւօրէն վերաբերուած էք հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին, ինչն իրենց վրայ բազմիցս զգացեր են նաեւ Արցախի Ձեր հայրենակիցները:

Կասկած չունիմ, որ արժանապատուօրէն կ’արդարացնէք հայ ժողովուրդի եւ ՀՀ իշխանութիւններու վստահութիւնն ու սպասելիքները: Հաշուի առնելով Ձեր անցած ուղին, մասնագիտական ու կառավարչական մեծ փորձն ու հմտութիւնները եւ մարդկային որակները՝ վստահ եմ, որ այս աշխատանքին մէջ եւս Ձեր ողջ ներուժն ի սպաս պիտի դնէք հայրենիքի զարգացման եւ մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացման ռազմավարական գործին:

Կը մաղթեմ, որ յաջողութիւնները ուղեկցին Ձեր ստանձնած առաքելութեան՝ յանուն հայոց պետականութեան ամրապնդման եւ հայ ազգի յարատեւման»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ