Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերմանիա փակած է Թուրքիոյ մէջ իր բոլոր ներկայացուցչութիւնները՝ ահաբեկչութեան վտանգի պատճառով

Գերմանիան, ահաբեկչական սպառնալիքի պատճառով, փակած է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանատունն ու հիւպատոսական ներկայացուցչութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական Bild պարբերականը։

Պարբերականին տուեալներով` մինչեւ 16 Սեպտեմբեր Թուրքիոյ մէջ փակ պիտի ըլլան ոչ միայն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, այլեւ գերմանական դպրոցները: Այսպիսով, գերմանական կողմը պիտի փորձէ պահպանել իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը՝ հնարաւոր սպառնալիքի պարագային: Բացի այդ, Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը Twitter-ի իր էջին արձանագրած է, թէ գերմանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները մինչեւ Սեպտեմբեր 16­ սահմանափակ ծառայութիւններ պիտի մատուցեն, իսկ ընդունելութիւններ առհասարակ պիտի չըլլան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ