Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրիոյ բանակը գործի դրաւ Sam -5 S-200 հրթիռային համակարգը

Անցնող օրերուն լրատուութիւն կատարուած էր Սուրիոյ Քընէյթրա շրջանին վրայ խոցուած երկու իսրայէլեան օդանաւերու մասին, որոնցմէ մին անօդաչու էր: Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ համարուող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակին  կատարած  այս քայլը աննախընթաց էր եւ այդ գործողութիւն իրականացած է ռուսական գերարդիական Սէմ -5 Էս-200 հրթիռներով: Ըստ «Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանին, Սէմ -5 Էս-200 հրթիռային համակարգը կը  բաղկանայ վեց հրթիռային  խոռոչներէ եւ հրթիռներու հասանելիութիւնը մինչեւ 300  քմ է:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այդ հրթիռները կարողութիւն ունին միջցամաքային (պալիսթիք) հրթիռներու վերածուելու եւ  կրնան նոյնիսկ կրել կորիզային գլուխներ: Ըստ նոյն աղբիւրին Սէմ -5 Էս-200 հրթիռները կրնան իրենց արձակուած շրջանին մէջ գործող բոլոր վերահսկման համակարգերը (ռատար) ոչնչացնել եւ հրթիռներու արձակման պահուն անոնց կշիռքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 7 հազար թոնի: Յիշեցնենք, որ մինչեւ այս պահը իսրայէլեան կողմը չէ յստակացուցած երկու օդանաւերուն  ճակատագիրը, մինչ արաբական  տասնեակ  աղբիւրներ կը հաստատեն, որ օդանաւերը վար առնուած են:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ