Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Կեցցէ՛ քսանհինգամեայ անկախ Հայաստանը

Կարմիր պատած էր Հայաստան աշխարհ,

Եօթանասուն տարի դէպ՚ վեր ու վար,

Ցնծա՛ ժողովուրդ, ազատ է կրկին,

Ցաւը անցուկ է, անկախ է Հայքն հին.

Է՛ եւ պիտ՚ մնայ վրան քարտէսին։

 

Քարերու երկիր, իմ սէ՜ր Հայաստան,

Սարերդ վեհանիստ որպէս պահապան,

Անուշ Սեւանդ կեանքի աղբիւր է,

Նուռն ու միրգերդ արեւ ու հուր են։

Հինգ հազար տարուան մէջէն պատմութեան,

Ի՜նչ ազգեր եկան ու գացին կորան,

Նայիրի երկիր, դուն կաս, կը մնաս

Գալիք դարերուն դիմաց վեհ ու խաս։

Արմենիա իմ հին, սիրոյ դիցարան,

Մենք քուկդ ենք, ուր որ ալ ըլլանք,

Երեւանով հպարտ աշխարհ կը դառնանք

Արարատ-Արաքս հայր-մայրով մեծնանք

Յաւերժ սէրը մեր՝ քեզի խոստանանք։

 

Այսօր ցաւ կայ մէջ մեր ուրախութեան,

Նպատակը մաքուր ու զուլալ է սակայն,

Կարիքն ազատ ժողովրդավարութեան

Ապագայ յոյսն է միակ փրկութեան

Խարիսխը երկրին ապահովութեան։

 

Հայաստա՛ն, կեցցես, քսանհինգ տարեկան,

Այսօր ծնունդդ է, եղիր առնական,

Յոյսն ես դուն մէն մի հայուն սփիւռքեան

Ամերիկաներէն մինչեւ Չին ու Հան։

Սերունդները մեր Հայկազնեան

Տեսնեն քեզ ու քեզմով հպարտանան.

Արար աշխարհ թող քեզ գովերգենք,

Նահատակներուդ արեամբ երդուենք,

Ըլլանք զինուորդ, դրօշա՛կ պարզենք։

 

Հ. Ս.

Սեպտեմբեր 2016

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ