Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անթիլիասի կարգադրութիւնը Նոր Ջուղայի Թեմին վերաբերեալ բողոքի ալիք բարձրացուցած է

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նոր կարգադրութիւն մը կատարած է Իրանի Նոր Ջուղա շրջանի պատմական առաջնորդարանին համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք»: Աղբիւրի փոխանցմամբ, Նոր Ջուղայի թեմին համար բաւական անսպասելի համարուող քայլով մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Տ. Սիփան Վրդ. Քէչէճեանը, որպէս առաջնորդական տեղապահ նշանակած է Նոր Ջուղայի թեմին համար: 

«Արեւելք» նաեւ կը յայտնէ, թէ Նոր Ջուղայի մէջ երեւելի բողոքի ալիք մը բարձրացած է ի տես այս նշանակումին: Կը նշուի նաեւ, որ Նոր Ջուղացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ եւս բողոքած են Վեհափառ հայրապետի այս որոշման դէմ՝  յայտնելով իրենց համոզումը այդ պաշտօնին նշանակել վեց տարիներէ ի վեր Շահինշահր շրջանին մէջ հոգեւոր Տեսուչի պաշտօն ստանձնած Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանը: Մինչ այդ Նոր Ջուղայի համայնքի անդամներ կը պատրաստուին գործնական քայլեր կատարելով բողոքի ստորագրահաւաք մը կատարել այս տնօրինումին դէմ: 

Նշենք, որ Տ. Սիփան Վրդ. Քէչէճեան վաղը առաւօտ պիտի ժամանէ Նոր Ջուղա եւ կը սպասուի, որ չորեքշաբթի օր մասնակցի եւ քարոզէ Սուրբ Գէորգ տօնին առթիւ շրջանին նոյնանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք արարողութեանց:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ