Նախագահ Բակօ Սահակեան 17 սեպտեմբերին Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ մասնակցած է Արցախեան գինիի 3-րդ փառատօնին:
«Արցախփրէս»-ի համաձայն, երկրի ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ գինու փառատօնի իրականացումը դարձած է աւանդական եւ արդէն իսկ ակնյայտ դրական ազդեցութիւն ունի տեղական արտադրանքի խթանման վրայ: