Թրքական կործանիչներ հարուածած են Սուրիոյ մէջ Տահէշ խմբաւորման դիրքերը

Թրքական մէկէ աւելի աղբիւրներ կը փոխանցեն, որ թրքական կործանիչներ այսօր արեւածագին հարուածած են Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ եղող Տահէշ խմբաւորման դիրքերը: Նշենք, որ մէկէ աւելի թուրք պաշտօնատարներ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը՝ ապահովելու համար իր սահմանային հատուածներուն անվտանգութիւնը: Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթ առաջ թրքական բանակի հրասայլեր,  հատելով սուրիական սահմանը,  մուտք գործած էին Սուրիոյ Ճարապլուս քաղաք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ