Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Բացուած է «Եղեռնէն Դէպի Անկախութեան Վերականգնում» ցուցահանդէսը

Մօտ 10 տարի է գիտելիք, նիւթ, տեղեկութիւն հաւաքուած էր, որպէսզի այս ցուցադրութիւնը կայանայ․ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ բացուած «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարեց թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը:

Ըստ Հայկ Դեմոյեանի` այս ցուցադրութիւնը պէտք է օգնէ բոլորիս, որպէսզի տեսնենք, թէ նախորդ սերունդները, ինչ արժէքներու կը ձգտէին, ինչ զոհողութիւններու կ’երթային:

«Այո, մեծ զոհողութիւնը եղաւ Մեծ եղեռնը: Զոհուածների մեծ մասն ունէին այդ իղձը` ապրելու ազատ, անկախ Հայաստանում: Պատահական չի ընտրուած ցուցադրութեան վերնագիրը, որովհետեւ 1915 թուականից առաջ, այդ ընթացքում, որբերը, այրիները, վերապրածները շարունակաբար նկարում էին, գործում էին, դրուագում էին հայկական դրօշների, զինանշանների տարաբնոյթ պատկերներ»,- ըսած է Հայկ Դեմոյեանը` նշելով, որ ցուցադրութեան մեծամասնութեամբ ներկայացուած են բնօրինակներ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ