Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր քաղաքական ուժը ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին կողմ պիտի քուէարկէ.Ծերակուտական

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քանի մը օրէն պիտի ներկայացուի Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի` Ծերակոյտի քննարկման: Այս մասին «Արմենփրէս»-­ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նշած է Ֆրանսայի Ալֆորվիլի քաղաքապետ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Հայաստան­-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Լիւք Քարւունասը:

«Մեր քաղաքական ուժը կողմ պիտի քուէարկէ: Ինչպէս գիտէք, նախորդ քուէարկութենէն ետք ստեղծուեցաւ Յատուկ յանձնաժողով, որ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ մտցուց այդ նախագիծին մէջ: Կրնամ ըսել, որ անոնք որոնք նախագիծին մասին կը ներկայացնեն հակառակ տեսակէտ, աւելի շատ կը խօսին իրաւունքի տեսանկիւնէ, ոչ թէ քաղաքականութեան: Անոնք, ըստ էութեան, նոյն մեկնաբանութիւններ են, որոնք ներկայացուած էին 2002-­ին»,­- ըսած է ծերակուտականը:

Ան յիշեցուցած է, որ նախագահ Օլանտ Հայաստան այցելութեան ընթացքին խոստացած է, որ այդ օրէնքը պիտի ընդունուի: Ան յոյս յայտնած է, որ նախագիծի վերաբերեալ հակառակ տեսակէտներ յայտնող ծերակուտականներուն հետ պիտի գան ընդհանուր յայտարարի: «Ես` իբրեւ խորհրդարանական, կրնամ հաւաստիացնել, որ կողմ պիտի քուէարկեմ: Մենք երկարատեւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ, տարիներ շարունակ աշխատած ենք Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ, եւ չեմ կրնար պատկերացնել, որ այդ նոյն ուղիէն պիտի շեղինք»,-ըսած է ան­:

Խօսելով թուրք­-ազրպէյճանական լոպպիի աշխատանքի մասին` Լիւք Քարւունասը նշած է, որ ան բուռն կ՛աշխատի, սակայն ատիկա երբեք չի խոչընդոտեր խորհրդարանականներու աշխատանքներուն: «Մեր դերը այն է, որ կարենանք անոնց հասկցնել, որ ճիշդ ուղի չեն ընտրած»,-­աւելցուցած է ան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ