Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւններու ժամկէտը երկարաձգել կ’ուզէ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը օրինագիծ ներկայացուցած է երկրի խորհրդարան՝ առաջարկելով 1 տարիով երկարաձգել Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւններ կատարելու ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Haberler» լրատուական կայքը, նշելով, որ որ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն տրուած իրաւասութեան ժամկէտը կը վերջանայ  2 հոկտեմբեր 2016-ին:

Կառավարութեան ներկայացուած օրինագծին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն յարակից շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ու բախումները աւելցուցած են Թուրքիոյ  անվտանգութեանը ուղղուած սպառնալիքները: Օրինագիծի մէջ որպէս սպառնալիք ներկայացուած են Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող «Քիւրտիստանի բանւորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներն ու Սուրիոյ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները` մասնաւորապէս «Իսլամական պետութիւնը» (ԻՊ):

Կառավարութիւնը խորհրդարանէն թոյլտուութիւն խնդրած է 2 հարցի վերաբերեալ.
1. Անհրաժեշտութեան պարագային թուրք զինուորներու մասնակցութիւնը Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կատարուող գործողութիւններուն:
2. Նոյն նպատակով օտարերկրեայ զինուորներու տեղակայում Թուրքիոյ մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ