Ինչ է թանգարանի մը նպատակը, եթէ ոչ արուեստով հետաքրքրուող այցելուներու առիթը ընծայէ, որպէսզի անոնք ըմբոշխնեն հոն ցուցադրուած իրերու գեղեցկութիւնը, ընդլայնեն իրենց մտահորիզոնն ու զարկ տան իրենց երեւակայութեան։
Ուրեմն թանգարան այցելելը պէտք է ձեռնտու ըլլայ՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար։ Սակայն, երբ այդ թանգարանը ընդծովեայ ըլլայ, ժողովուրդին քանի՞ տոկոսը կրնայ այցելել այդ հաստատութիւնը։ Նախ պէտք է լողալ գիտնաս եւ ապա կարենաս յատուկ գործիքներով (snorkel) սուզուիլ ծովուն յատակը, որպէսզի կարենաս վալելել հոն ցուցադրուած առարկաները։
Ահաւասիկ իւրայատուկ, բայց անտրամաբանական նախաձեռնութիւն մը ոմն բրիտանացի երիտասարդ քանդակագործ Ճէյսըն Թէյլըր՝ Jason deCaires Taylor-ի (տես նկարը) կողմէ, որուն մասնագիտութիւնն է ընդծովեայ թանգարաններ հիմնել, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ։ Ճէյսըն իր ուսումը ստացած է Լոնտոնի Արուեստից Համալսարանին մէջ։
Արդարեւ, ան իր առաջին ընդծովեայ թանգարանը՝ աշխարհի տարածքին, հիմնած է Կրենատայի (Grenada) Saint George’s ծոցին մէջ, 2006 թուականին։ Կրենատա 106 հազար բնակիչ ունեցող փոքր կղզի մըն է Քարիպեան (Caribbean) ծովուն մէջ, իսկ այդ թանգարանը ցուցագրուած է որպէս աշխարհի առաջին 25 հրաշալիքներէն մին՝ “National Geographic” պարբերաթերթին կողմէ։ Ահաւասիկ օրինակ մը (տես նկարը) հոն ցուցադրուած գործերէն։
Քանդակագործ Ճէյսըն Թէյլըրի հիմնած ընդծովեայ յաջորդ թանգարանը կը գտնուի դարձեալ Քարիպեան ծովուն մէջ, բայց այս անգամ Մեքսիքոյի ծովեզերեայ Քէնքուն քաղաքի հանդիպակաց «Կիներու կղզիին» (Isla Mujeres) մօտ։ Ալդ թանգարանը հիմնուած է 2009 թուականին եւ ահաւասիկ օրինակ մը հոն ցուցադրուած գործերէն (տես նկարը)։
Հուսկ ապա Ճեյսըն Թէյլըր ընդծովեայ իր թանգարանները Քարիպեան ծովէն կը փոխադրէ Ատլանտեան ովկիանոս եւ անոնց առաջինը կը հիմնէ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգէն ոչ շատ հեռու՝ Պահամաս կղզիին մօտ։ Այդ թանգարանը հիմնուած է 2014 թուականին եւ դիտեցէք օրինակ մը (տես նկարը) հոն ցուցադրուած գործերէն մէկուն։
Ճեյսըն Թէյլըրի հիմնած ընդծովեայ թանգարաններէն վերջինին բացումը կատարուեցաւ այս տարուայ Փետրուար ամսուան մէջ, բողոքի մեծ ալիք ստեղծելով Սպանական շրջանակներուն մէջ։ Այս առաջինն է Եւրոպայի մէջ։
Արդարեւ այդ թանգարանը հիմնուեցաւ Սպանիոյ պատկան Քանարեան կղզեխումբի (Canary Islands) Լանզարօթ կղզիին մօտ։ Հոն ցուցադրուած գործերը կը բաղկանան մարդկային մարմիներէ՝ որուն նպատակն է գրաւել բոյսերն ու անասունները, ստեղծելով մօտիկ յարաբերութիւն մը մարդոց եւ բնութեան միջեւ։
Լանզարօթ կղզիի պատկան մարմինները հպարտ են այդ թանգարանով, որովհետեւ ան զարկ պիտի տայ զբօսաշրջիկութեան։ Միւս կողմէ սակայն շատ մտահոգ են անոնք՝ որովհետեւ այդ թանգարանի շինութիւնը պետութան վրայ արժած է 700,000 Եուրօ։
Քանդակագործ Թէյլըր ուզած է որ այս թանգարանը ըլլայ յարգանքի տուրք մը՝ անոնց որոնք կը յաջողին, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց երազներն ու յոյսերը կը մնան ծովուն յատակը . . .
Իսկ հոն ցուցադրուած գործերէն մին (տես նկարը) կը ներկայացնէ քաղաքական հալածանքներէ փախուստ տուող կամ տնտեսական բարելաւ պայմաններ որոնող գաղթականներու տագնապը՝ որոնք դժուարին պայմաններու ներքեւ, իրենց նաւակով կը հասնին Իտալիոյ Lampedusa կղզին, իրենց զաւակներուն համար կերտելու փայլուն եւ յուսալից ապագայ մը՝ եւրոպական երկիրներուն մէջ։
Գէորգ Քէօշկէրեան