Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուխտ Արարատին . Արամ Սեփեթճեան

Արարատ-Մասիսը ամէն Հայու համար Է՛ ու ԿԸ ՄՆԱՅ աղբիւր ԻՆՔՆԱԿԵՐՏՈՒՄի եւ ինքնաբիւրեղացման: Համարժէք ու խորհրդանիշ վկայագիրը Հայաստան աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի ծննդեան ու յաւերժութեան:

Մենք՝ սերունդ տարագիր, ծներ ենք ու սներ՝ իր գոյութեամբ:

Ամէն Հայու հոգին անպայմանօրէն իր մէջ կը խտացնէ Արարատի անվերաքննելի խորհուրդը՝ համահաւասար բազմադարեան մեր հայրենի հողին, նոյնիսկ, ան ըլլայ գերեվարուած մեր թշնամիէն:

Մեր տասնամեայ հասակին՝ ինչպիսի հաւատքով կ՚արտասանէինք տողերը «Արարատի փէշերին մենք տուն ունենք անկործան» ( Ո. Անոփեան) քերթուածին: Մեր անհաս երազն էր ունենալ փոքր ՏՈՒՆ մը՝ «Արարատի փէշերին» ու մեր տան պատշգամէն դիտել արեւաշող Հայաստանին հմայք պարգեւող Լեառն Այրարատեան: Եթէ մեզի զլացուեցաւ այդ երջանկութիւնը, սակայն այսօր, մեր գոյութիւնը շարունակող զաւակ ու թոռնիկ միասնաբար, եւ անոնց նմանները բոլոր, կ՚ապրինք իրականացումը տարագիր հայու մեր «անհաս երազին»: 

Արդարեւ, մեր տան պատշգամէն, հայեացքս ուղղած Արարատին, ամբողջ Օգոստոսն ու մասնիկ մը՝ Սեպտեմբերէն, եղան խտացեալ կեանք եւ ապրում միաձոյլ, ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ տօնական օրերու ցնծութեամբ առլի:

ՀԱՅը տարօրինակ «գոյութիւն» մըն է:

Ինքն իր մէջ՝ երկփեղկեալ հոգի մը: Անհաշտ՝ ինք իր եւ եղբայր հոգիներու հետ: Սակայն՝ ԱՄԷՆՈՒՆ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋ՝ ԲԱԶՄԱԾ Է ՎԵՀԱՆԻՍՏ ԱՐԱՐԱՏ-ՄԱՍԻՍԸ: Հայրենասիրական զգացումներու միակ շաղախը, որ կը միացնէ իրարու համախոհ թէ այլախոհ, համակիր թէ հակադիր հայերը բոլոր, «որք մրրկաւ էին զատուած»:

Ահա թէ՝ ի՛նչ էր խորհուրդը Արարատի հետ ունեցած մեր ամէնօրեայ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ:

Մեր ՑԱՒԸ տարագիր հայու: -Անհող ժողովուրդ հայոց: 

Մեր ԱՓՍՈՍԱՆՔԸ կեդրոնախոյս հայու: – Արտագաղթող աշխարհասփիւռ հայեր:

Մեր ՓԱԽՈՒՍՏԸ Հայրենիքի Իրականութենէն: Մեր փրկութեան ՎԵՐՋԻՆ ԼԱՍՏԷՆ:

Իրերայաջորդ ԵՐԵՔ հանրապետութիւններ ունեցանք՝ հիմնուած ու փոխանցուած մեր ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ մէկ տասանորդ կոտորակին վրայ: Երեք տարբեր գաղափարախօսութիւններ հակադիր կեցուածքներ յառաջացուցին մեր մէջ: Սակայն, ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ, անհրաժեշտ է ՓԱՐԻԼ ՈՒ ԿԱՌՉԻԼ մեր ներկայ ու միակ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ: Մեր ներկայ ՀԱՅՐԵՆԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ:

25 տարի առաջ ծնունդ առած Երրորդ Հանրապետութիւնը, Է ՈՒ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ հիմնաքարը մեր ժողովուրդի ՄԵԾ ՏԵՍԻԼՔին, որուն կը միանայ դարձեալ 25-ամեայ մեր Արծուեբոյն ԱՐՑԱԽի Հանրապետութիւնը:

Անխառն զգացումներով, եկէք միասնաբար շնորհաւորենք մեր ազգային տօնը: Իսկ, մեր ունեցած անձնական համոզումները, ՅԱՆՈՒՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ԱՊԱԳԱՅԻ, վերապահենք ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ վեհաժովներու խորագէտ քննարկումներու:

Հայկական իմացական նորագոյն մտածողութիւնն ու քաղաքական կամքի արտայայտութիւնը հարկ է առաջնորդել ԱՐԱՐԱՏԻ ՀԱՅԵԱՑՔԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ:

 ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ