Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը զեկոյց հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ դէմ բռնութիւններու մասին

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ կիրառուող բռնութիւններու վերաբերեալ 15 էջանոց զեկոյց մը հրապարակած է: Կազմակերպութիւնը զեկոյցին մէջ Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ անվաւեր ճանչցուին Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու հռչակագրին հակասող «օրէնքի ուժ ունեցող որոշումները», ինչպէս նաեւ դադրեցուին լրագրողներու դէմ կիրառուող սահմանափակումները: Այս մասին հաղորդող «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառաիւթիւնը նաեւ կը նշէ, որ կազմակերպութիւնը  ուսումնասիրած է ձախողած յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարուած արտակարգ իրադրութեան ազդեցութիւնը մամլոյ ազատութեան վրայ:  Արձանագրուած է, որ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է շուրջ 100 լրագրող,  դադրեցուած է շուրջ 100  թերթերու, ամսագրերու, հեռուստա- եւ ռատիոհաղորդումներու գործունէութիւն եւ շարք մը լրագրողներու անձնագրեր անվաւեր յայտարարուած են:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան Գերմանիոյ պատասխանատու Քրիսթիան Միհրը  նշած է, որ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր կառավարութեան՝ հետզհետէ աճող բռնատիրական ոճի պատճառով Թուրքիոյ մէջ լրագրողները մեծ դժուարութիւններու մէջ էին նաեւ նախքան յեղաշրջման փորձը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ