Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Էտուարտ Նալպանտեան նախագահած է ՀԱՊԿ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ, ՀՀ ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էտուարտ Նալպանտեանի նախագահութեաբ՝ Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբեր 22-ի առաւօտեան, տեղի ունեցած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ Գլխաւոր Ժողովի 71-րդ նստաշրջանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու առաջնահերթութիւնները, համատեղ ձեռնակուելիք քայլերը:

Նախարարները միտքեր փոխանակած են ՀԱՊԿ գործունէութեան առնչուող հարցերու շուրջ, ներառեալ` արտաքին քաղաքականութեան համադրման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերու:

Քննարկուած են Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի եւ ՀԱՊԿ միւս կանոնադրական մարմիններու նիստերու նախապատրաստական աշխատանքները:

ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտքեր փոխանակած են հրատապ միջազգային հիմնախնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերու շուրջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ