Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարը հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էտուարտ Նալպանտեան 24 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Այս մասին կը հաղորդուի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի  վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երախտագիտութիւն յայտնած է իր պաշտօնավարման ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխուժ մասնակցութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի եւ կառուցողական դերակատարութիւն ծաւալած է միջազգային ասպարէզին մէջ, ոչ միայն իր առաջնահերթութիւններուն առումով, այլեւ ՄԱԿ-ի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպատակով:

Նախարարը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր առաջնորդութեան, նախաձեռնութիւններուն եւ գործադրած ջանքերուն համար` ուղղուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներուն, նպատակներուն եւ սկզբունքներուն յառաջ մղման: Զրուցակիցները քննարկած են ՄԱԿ-ի օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պան Քի Մուն Նալպանտեանին յանձնած է իր հեղինակած գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած է վերջին տասը տարիներուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր գործունէութիւնը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ