Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազրպէյճանի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական հանրաքուէն

Ազրպէյճանի մէջ մեկնարկած է սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցով հանրաքուէն։ ԿԸՀ տուեալներով՝ երկրի մէջ բացուած է 5627 ընտրատեղամաս: Երկրի տարածքը բաժանուած է 125 ընտրաշրջանի։ Ընտրողներու թիւը կը կազմէ աւելի քան 5.26 միլիոն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «RIA Novosti»-ն։ Քաղաքացիները անկախ Ազրպէյճանի պատմութեան մէջ երրորդ հանրաքուէով պէտք է որոշեն նախագահական լիազօրութիւններու ժամկէտի՝ 5-էն 7 տարուայ երկարացման հարցը, Ազրպէյճանի մէջ փոխնախագահներու պաշտօններու անհրաժեշտութեան հարցը, ինչպէս նաեւ պետութեան ղեկավարի եւ պատգամաւորի թեկնածուներու համար տարիքային սահամանափակման վերացումը։

Իրենց կարծիքը կրնան արտայայտել նաեւ երկրէն դուրս բնակող ազրպէյճանցիները։ ԱԳՆ տուեալներով՝ 29 երկրիրներու 38 դիւանագիտական կէտերու մէջ ստեղծուած են ընտրատեղամասեր։

Ազրպէյճանի ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն՝ հանրաքուէն կը համարուի կայացած, եթէ անոր կը մասնակցի ընտրողներու առնուազն 25 տոկոսը։ Հանրաքուէի դրուած հարցերը կը համարուին ընդունուած, եթէ անոնց օգտին կը քուէարկէ քուէարկութեան մասնակցած ընտրողներու կէսէն աւելին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ