Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հրանդ Տինքի ընկերներ»ը դատական նոր նիստին ընդառաջ բողոքի հաւաք ըրին Պոլսոյ մէջ

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նոր նիստին ընդառաջ, «Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները Սեպտեմբեր 26ին դարձեալ հաւաքուած են Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան դիմաց. այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս»:

Նախաձեռնութեան անդամները պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են՝ նշելով, որ չեն հաւատար Տինքի սպանութեան հարցին շուրջ պետութեան կողմէ ստեղծուած նոր կեղծիքները՝ տեսանիւթերու նոր յայտնութիւնը «քաղաքական աղտոտ խաղեր» որակելով:

«Մեզ բնա՛ւ չեն հետաքրքրեր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ Հրանդ Տինքը սպաննած են ազգայնամոլները, «Էրկենեքոն»ի անդամները կամ կիւլէնականները: Դարձեալ կ՛ուզենք յայտարարել, որ ժամանակին պետութեան կողմէ կատարուած եւ միայն հիմա լուսաբանուած այդ տեսանիւթերուն յայտնութիւնը չենք նկատեր 10 տարիներէ ի վեր հանգուցալուծում չգտնող դատական գործին մէջ յառաջխաղացք մը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ շաբաթներ առաջ համացանցին վրայ յայտնուած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ, Տինքի սպանութեան օրը կ’երեւի, թէ ինչպէ՛ս մարդասպան Օկիւն Սամասթ կը յառաջանար դէպի «Ակօս»ի խմբագրութեան շէնք, ինչպէս նաեւ նոյն տարածքին մէջ գտնուող այս ու այն կողմ քալող տղամարդիկ, որոնք, կարծես, նշաններ կու տան Սամասթին: Պոլսոյ դատախազութիւնը կը պնդէ, որ այդ տղամարդիկ թուրք նախկին սպաներ են, որոնք վերջերս ձերբակալուած են՝ Յուլիս 15ի յեղաշրջման փորձէն ետք կատարուող խուզարկութիւններուն ընթացքին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ