Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Իսրայէլի կորիզային ծրագրի «ճարտարապետ» Շիմոն Փէրէզ ոչ եւս է

Իսրայէլի նախկին նախագահ (2007-2014) Շիմոն Փէրէզ (93 տարեկան) այսօր մահացաւ: Նշենք, որ Փէրէզ շուրջ երկու շաբաթ առաջ ուղեղի կաթուած ստանալով փոխադրուած էր հիւանդանոց: Փէրէզ կը համարուի Իսրայէլի կորիզային ծրագիրներու գլխաւոր «ճարտարապետ»ը: Անոր ճիգերով կառուցուած է «Տէմոնա» կորիզային  կայանը: 1994 -ին Փէրէզ, Իցհաք Ռապինի եւ Պաղեստինի նախագահ Եասէր Արաֆաթի  հետ ստացած է Նոպէլի խաղաղութեան մրցանակ Օսլոյի մէջ կնքուած իսրայէլ-պաղեստին խաղաղութեան համաձայնութեան կայացման վերաբերեալ իր տարած ճիգերուն համար: Ան նաեւ եղած է Լիբանանի դէմ 1996 թուականին տեղի ունեցած «ցասումի ողկոյզներ» անունը կրող պատերզամին հիմնական պատասխանատուն: Յիշեցենք, որ այդ պատերզամի ընթացքին էր նաեւ, որ իսրայէլեան բանակը հրթիռներ նետելով Կանա աւանի ՄԱԿ-ի կեդրոնին վրայ սպաննած էր հարիւրաւոր անզէն քաղաքացիներ եւ այդ սպանդը ճանչցուած է «Կանայի սպանդ» անունով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ