Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծամորի հիւլէակայանը վտանգ կը ներկայացնէ դրացի երկիրներուն եւ պէտք է փակուի.Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար

«Մեծամորի հիւլէակայանը վտանգ կը ներկայացնէ դրացի երկիրներուն եւ պէտք է փակուի», Վիեննայի մէջ Սեպտեմբեր 27ին յայտարարած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր խորհրդաժողովին ընթացքին:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարը պնդած է, թէ Մեծամորի հիւլէակայանը 47 տարի առաջ կառուցուած է եւ թէ այժմ չի գործածուիր ու պաշտպանական հարկաւոր կառոյցներ չունի, ինչ որ կը մտահոգէ Թուրքիան, որուն սահմանէն միայն 16 քիլոմեթր հեռու է այդ հիւլէակայանը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ ուժանիւթի նախարար Աշոտ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Մանուկեանի տեղակալ Արեգ Գալստեան ռուսական «Սփութնիք» գործակալութեան յայտնած է, որ թրքական կողմի մեղադրանքները անհիմն են եւ իրականութեան չեն համապատասխանիր: «Այդ յայտարարութիւնը քաղաքականութիւն է, ոչ թէ մասնագիտական գնահատական», նշած է նախարարին տեղակալը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի փեսան է, անցեալ Ապրիլին, երբ ցուցարարներ կը բողոքէին Թուրքիոյ մէջ հիւլէակայաններ կառուցելու նախագիծին դէմ, կոչ ըրած էր անոնց, որ իրենց բողոքը հասցէագրեն Հայաստանի հիւլէակայանին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ