Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծանր օր մը Հալէպի համար. Զոհերուն մէջ կայ հայուհի մը

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական թաղամասերը ենթարկուած են ծանր ռմբակոծումներու: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ հրթիռարձակումներու ենթարկուած է Ազիզիյէի հայկական թաղամասը ու յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին դաշտը, որ ներկայիս որպէս պահեստանոց կը գործածուի այն հայ վաճառականներուն համար, որոնք իրենց ունեցած ապրանքները Շըգայէֆ շրջանէն փոխադրած են Ազիզիյէ: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է  Սեւան Պետրոս Հատտատը, իսկ վիրաւորեալներուն շարքին կայ հալէպահայ Ճորճ Մութաֆեանը:

Կը նշուի, որ ծանր հրթիռարձակումներու եւ կազի տակառներու թիրախ դարձած են Մաիսալունի, Մուշիյէի, Պուսթան Քլապի, Աաիյէտ Ալիի, Պապ Ալ-Ֆարաճի, Թիլէլի եւ այլ խաղաղ բնակչութեան շրջաններ: Ըստ նախնական տուեալներու, մինչեւ այս պահը զոհուած են երկու անձեր, իսկ վիրաւորներու թիւը անցած է 20-ը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ