Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս

Սեպտեմբեր 20-ի առաւօտեան դպրոցը հագած էր «հայկական տարազ»: Ամէն տեղ ազգային եռագոյնն էր, շնորհիւ «Հայ Ոգի» յանձնախումբի տիկիններուն:

– Ժամը 8:30-ին, Մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան, աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ բացօթեայ խաղադաշտ, ուր Աշակերտական Խորհուրդին առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցան քայլերգները, աղօթք եւ Հայուն Ուխտը: Աշակերտական Խորհուրդի նախագահ Արիէլլա Սարգիսեանի խօսքէն ետք, օրուան խորհուրդը փոխանցեցին Տիկին Ռոզալին Մատոյեան եւ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան: Խորհրդանշական 25 կոչերէ ետք, կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն 25-ական փուչիկներ բարձրացան երկինք, շնորհաւորելով Հայաստանի 25-րդ տարեդարձը:

– Խանդավառ երաժշտութեան տակ Երկրորդականի աշակերտութիւնը անցաւ իր առօրեայ ժամանակացոյցին, իսկ Նախակրթարանը դպրոցին հանդիսասրահին մէջ շարունակեց օրուան պատշաճ ճոխ յայտագիր մը՝ արտասանութիւններով, երգերով , տեսանիւթի ցուցադրութեամբ եւ խօսքով: Շնորհակալութիւն Օր. Արուս Անդրէասեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ մեր աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին մեր ազգային, հայրենասիրական երգերը՝ յուզելով բոլորս: Շնորհակալութիւն նաեւ Նախակրթարանի հայերէնի ուսուցչուհիներուն, օրուան պատշաճ յայտագիրին համար։ Աւարտին, «Հայ Ոգի» յանձնախումբի տիկիններէն երեքը՝ Տիկին Ասլին Դուրեան, Տիկին Քրիսթինա Մանսուրեան եւ Տիկին Ֆիմի Հատտատեան իրենց սրտի խօքը ուղղեցին նախակրթարանի աշակերտներուն, շեշտելով հայ դպրոցի կարեւոր դերին մասին՝ իրենց կեանքին մէջ:

– Զբօսանքին «Հայ Ոգի» յանձնախումբի տիկինները հայկական Հատիկով հիւրասիրեցին բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները, որոնց համար կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը:

– Ժամը 11:30-էն 12:30 տեղի ունեցաւ 9-12-րդ դասարանի հաւաքը՝ հանդիսասրահին մէջ: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր վարժարանիս թուաբանութեան ուսուցչուհի Տիկին Արմինէ Աւետեանը, որ այս ամառ այցելած էր Հայաստան եւ Արցախ: Ան, մատչելի լեզուով աշակերտութեան փոխանցեց իր տպաւորութիւնները Հայաստանէն, տալով անոր պատմական արժէքն ու ներկայի յաջողութիւնները: Ան կեդրոնացաւ Գեղարդի եւ Տաթեւի վանքերուն վրայ, հիացաւ անոնց ճարտարապետութեամբ ու անցեալով: Տիկին Աւետեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի այսօրուան խնդիրներուն մասին: Ան յորդորեց, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման այցելէ Հայաստան:

5-րդ դասարանէն Լիլիա Անտոնեան մեներգեց «Հպարտ գնացէք»ը, արժանանալով բուռն ծափողջոյններու:

Օրդ. Անն-Մարի Չաղլասեանի նկարչութեան դասարանը ներկայացուց 25-ամեակին նուիրուած իրենց գործերը: Ապա, դպրոցին պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին հայկական ազգագրական պար մը (պարուսոյց՝ Օրդ. Անայիս Աւանէսեան):

11-րդ դասարանը ամառը գացած էր Հայաստան: Անոնք իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որմէ ետք աշակերտութիւնը մեծ գոհունակութեամբ դիտեց 11-րդի Հայաստան կատարած այցելութենէն լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր:

– Գրեթէ նոյն յայտագիրը կրկնուեցաւ ժամը 1:45-ին, 4-8-րդ դասարաններու աշակերտութեան համար: Այստեղ ելոյթ ունեցաւ նաեւ 7-րդ դասարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Տիկ. Քրիսթինա Խոջոյեանի:

– Օրուան աւարտին, նախակրթարանի աշակերտները ունեցան դասարանային խրախճանք, պատրաստուած դասարանի ծնողներուն եւ դաստիարակ ուսուցչուհիներուն կողմէ, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին՝ հայկական երգ-երաժշտութեան տակ:

Շնորհակալութիւն այն աշակերտներուն, որոնք մասնակցեցան օրուան տօնական հանդիսութիւններուն: Շնորհակալութիւն նաեւ հայերէնի եւ այլ առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչներուն, իրենց գործակցութեան համար:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ