Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԿՀ-ի 90-ամեակին նուիրուած երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ գործակցութեամբ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Շրջանաւարտներու Միութեան, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15-ին, Միութեան Փասատինայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը, նուիրուած վարժարանին հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներուն։

Խօսք առին Պրն. Գէորգ Յակոբեան՝ աշակերտ եւ ուսուցիչ ՄԿՀ-ի, եւ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան՝ ուսուցիչ ՄԿՀ-ի, որոնք անցնող ամառ ներկայ գտնուեցան Մելգոնեանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն՝ բերելով նաեւ իրենց մասնակցութիւնը։

Յակոբեան ծանրացաւ Կիպրոսի հանդիսութիւններուն վրայ, իսկ Գոճայեան վեր հանեց  ականաւոր մելգոնեանցիներու նպաստը՝ հայութեան եւ մարդկութեան (խօսքերէն լայն հատուածներ պիտի հրատարակենք յետագային)։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ պուլկարահայ արուեստագէտ Կարօ Պալթայեան։ Հանդիսավարն էր՝ Հրաչ Սեփեթճեան։ Ցուցադրուեցան սահիկներ եւ տեսերիզ՝ պատրաստուած՝ մելգոնեանցիներ Արմիկ Տատուրեանի եւ Ռաֆֆի Ղորղորեանի կողմէ։ Ներկայացուցին՝ մելգոնեանցի Ռաֆֆի Ցնծալեան եւ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։

Ներկայ բազմութիւնը ականջալուր դարձաւ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու մեծ աւանդին, անոր կատարած դերին եւ ներկայի իրականութեան։

Թէեւ կամքէ անկախ պատճառներով ներկայ չէր Տիկ. Արսինէ Շիրվանեան, սակայն ան արժանի է ամէն գնահատանքի։ Կիպրոսի մէջ բացառիկ յաջողութեամբ կազմակերպուած միջոցառումներուն գլուխն էր ան, գործակցութեամբ տեղւոյս Մելգոնեան Սանուց Միութեան միւս նուիրեալներուն։ Յաջող էր նաեւ գործակցութիւնը Լիբանանի եւ Կիպրոսի շրջանաւարտից միութիւններուն հետ, լաւագոյնս կազմակերպելու համար ՄԿՀ-ի 90-ամեակը Կիպրոսի մէջ։ Հարիւրէ աւելի մելգոնեանցիներ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած էին Կիպրոս, ուր պաշտօնական զոյգ հանդիսութիւններու կողքին, անոնք վայելեցին Կիպրոսի բնութիւնը եւ տեսարժան վայրերը։

 

Թ.

 

 

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ