Ծանր օր մը եղած է Հալէպի համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արեւելք» կայքի աղբիւրը, որուն փոխանցմամբ Հալէպի հայկական շրջանները ծանրօրէն հրթիռարձակուած են: Հրթիռներ ինկած են յատկապէս հայկական ՝ Վիլլաներ, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններու վրայ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են՝ 11 եւ զոհուած են 5 հայորդիներ: Հրթիռներ ինկած են Մազլումեան հիւանդանոցի թաղամասին մէջ գտնուող նպառավաճառ Շանոյեանի վաճառատան մօտ, որու հետեւանքով վիրաւորուած է վաճառատան սեփականատէր ընտանիքի մայրը, իսկ մանչն ու աղջիկը՝ մահացած: Նոյն թաղամասի վրայ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ եղող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռը եւս պատճառած է հայ զոհեր: Արձանագրուած զոհերն են՝ Արման Հինտոյեան, Ծիլա Ճապաղջուրեան, Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեան, Միրէյ Հինտոյեան, Բիեռ Հարիրօ: Իսկ վիրաւորները՝ Գառնիկ Կարապետեան, Ծովիկ Գապիքեան, Արա Արամեան, Մարի Կարապետեան, Արշակ Պէրէճիքլեան, Եագուպ Հարիրօ, Ճորճ Հարիրօ, Յարութ Աւագեան, Պէթի Լախոյեան-Հինտոյեան, Մովսէս Հինտոյեան եւ Նազար Զարմինեան:
Հալէպի հայկական թաղամասերը անգամ մը եւս յայտնուած են պատերազմական ծանրագոյն իրավիճակի մը մէջ: