Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան մասնակցած է DigiTec Expo ցուցահանդէսի բացման

Երեւանի մէջ մեկնարկեց DigiTec Expo տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսի բացման մասնակցած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան դիտած է ցուցադրավահանակները եւ ծանօթացած  հանրապետութեան տեղեկատուական արուեստագիտութիւններուն եւ ճարտարագէտներու ձեռքբերումներուն:

Հայաստնաի տեղեկատուական արուեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (UITE) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեանի խօսքով` այս տարի ցուցահանդէսին կը ներկայացուին պաշտպանական մշակումներու ընդարձակ ցուցադրութիւններ: «Մենք ցանկանում ենք ցոյց տալ, որ Հայաստանում ստեղծուող բարձր տեխնոլոգիաները կարող են նպաստել մեր երկրի պաշտպանունակութեանը»,- news.am-ի փոխանցմամբ յայտարարած է ան:

«Մենք անչափ ուրախ ենք ՏՏ ճիւղի այսչափ դինամիկ զարգացման համար եւ կարծում ենք, որ երկրի տնտեսութեան մէջ նրա դերը կարող է էլ աւելի նշանակալից լինել»,- յայտարարած է երթեւեկութեան եւ կապի նորանշանակ նախարար Վահան Մարտիրոսեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ