Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան յայտարարած է, որ Լոզանի պայմանագիրը Թուրքիոյ համար ոչ թէ յաղթանակ էր, այլ՝ կորուստ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը երկրի համայնքապետերու հետ ժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Լոզանի պայմանագիրը Թուրքիոյ համար ոչ թէ յաղթանակ էր, այլ՝ կորուստ: Այս մասին կը գրէ թրքական «tr.sputniknews.com» կայքը: «15 յուլիսին Թուրքիան դիմակայեց յեղաշրջման փորձի, ահաբեկչական յարձակման եւ արտաքին տիրութիւն միաժամանակ: Այդ թուրք ժողովուրդի երկրորդ «Փրկութեան պատերազմն» էր: Ոմանք կը փորձեն Լոզանի համաձայնագիրը մեզ ներկայացնել որպէս ՛աղթանակ: Էկեան ծովու կղզիները Լոզանի ժամանակ տուինք, ատի յաղթանա՞կ է: Անկէ առաջացած խնդիրներն ալ այսօր մենք մեր ուսերուն կը տանինք», – ըսեր է Էրտողան:  

 Երկրորդ «Փրկութեան պատերազմի» մասին յայտարարութեան մէջ որպէս առաջին «Փրկութեան պատերազմ» Էրտողանը նկատի ունի Աթաթուրքի կողմէ 1922-23ին ղեկավարած ազգայնական շարժումը, որ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան մէջ կը նշուի որպէս իմփերիալիզմէն (կայսերապաշտութիւն) եւ օտար տիրութենէն փրկութեան պայքար եւ կը յիշատակուի «Փրկութեան պատերազմ» եզրով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ