Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան տրամադրութիւնը կը բարձրանայ. Փորձագէտ

Թուրքիոյ մէջ հակաամերիկեան տրամադրութիւնները կտրուկ աճած են՝ կապուած ընդդիմադիր իսլամական քարոզիչ Ֆէթհիւլա Կիւլէնի գործի հետ, որուն թուրքական իշխանութիւնները կը մեղադրեն յեղաշրջման փորձի մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ռազմական հետախուզութեան նախկին ղեկավար, զօրավար Իսմայիլ Հաքին Փեքին: 

«Թուրքիոյ քաղաքացիները ծայրայեղ անհանգստացած են իրենց ապագայով: Անոնք կ’ուզեն, որ Կիւլէնը կանգնի դատարանի առաջ: Տեսնենք, թէ ամերիկացիները որքան ազնիւ պիտի ըլլան այդ հարցի մէջ: Եթէ անոր չարտաքսեն, ապա այդ մէկը պիտի ազդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վրայ՝ բացասական առումով» ,- ըսած  է Փեքին «Sputnik» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ