Երկու-երեք շաբաթէ ի վեր Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախագահ Յարութիւն Յովսէփեանի հովանաւորութեամբ եւ անոր անմիջական հսկողութեան ներքոյ Վառնայի Կալաթա թաղամասին մէջ գտնուող Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի տան մէջ, որ աշխարհի մէջ միակ կանգուն մնացած մեծ հայորդիի տունն է, մեկնարկած են վերականգնողական աշխատանքները: Յայտնի է, որ վերականգնողական եւ շինարարական աշխատանքներուն աւարտէն ետք անիկա պիտի վերածուի տուն-թանգարանի եւ պիտի արձանագրուի Պուլկարիոյ Մշակութային կոթողներու պահպանութեան կոմիտէին մէջ:
Շինարարական աշխատանքներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար, «Կանթեղ Արարատեան» պուլկարահայ ելէկտրոնային կայքի թղթակիցը հանդիպած եւ զրուցած է պրն. Յովսէփեանի հետ:
Իր խօսքին մէջ ՊՀՄ նախագահը տեղեկացուցած է, որ առաջին հերթին աշխատանքներ սկսած են տան ողջ բակի պարսպապատման համար: «Բակը ամբողջութեամբ պարսպապատուած էր մետաղեայ ցանցով: Հիմա մենք այն կը փոխարինենք քարէ պարիսպով, որ ինքնին հնաոճ տեսք պիտի ունենայ, նշած է պրն. Յովսէփեան:
Հակառակ հսկայական տարածութեան, որ կը պարսպապատուի, ՊՀՄ նախագահը անդրդուելի է իր որոշման մէջ, քանի որ, ինչպէս ինք կը նշէ, անիկա կը կառուցուի դարերու համար եւ սերունդներուն կարեւոր է ձգել որակով աշխատանք:
Միաժամանակ հսկայական աշխատանք կը տարուի տան տանիքին վրայ: Յարութիւն Յովսէփեան մեր զրոյցին նշեց, որ տանիքը եւս ամբողջութեամբ պիտի փոխարինուի, քանի որ ժամանակին պատճառով, այն կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ: «Տանիքի վերականգնողական աշխատանքներուն ժամանակ եւս մեր հիմնական նպատակը այն է, որ տունը ունենայ հնաոճ տեսք, բայց միաժամանակ ըլլայ կայուն եւ որակով»,- իր խօսքին մէջ շեշտած է ան:
Զօրավարի աշխարհին մէջ միակ կանգուն տունը հնարաւոր եղաւ փրկել Յարութիւն Յովսէփեանի տարիներ տեւած պայքարին արդիւնքով: Տան սեփականատէրերը, որոնք ազգութեամբ հայեր էին եւ կալուածը ժառանգութիւն ստացած էին Զօր. Անդրանիկի կնոջ` Նուարդ Օզանեանի կողմէ, որոշած էին զայն քանդել եւ տեղը բազմաբնակարան շէնք կառուցել: Սակայն պրն. Յովսէփեան ի վերջոյ յաջողեցաւ իր անձնական միջոցներով զայն գնել եւ փրկել կործանումէ:
Այսօր ալ մեծ հայորդիի միակ տունը Տուն-թանգարանի վերածելու գործին մէջ Յարութիւն Յովսէփեան ներդրած է իր անձնական միջոցները, քանի որ, ինչպէս ինք կը նշէ, Զօրավարը շատ աւելին զոհած է մեր ժողովուրդին եւ մեր Դատին համար, որքան մենք այսօր կրնանք ընել անոր յիշատակին համար:
«Մեր նպատակն է, որ Զօր. Անդրանիկի Տուն-թանգարանը վերածուի իւրօրինակ ուխտավայրի մը աշխարհասփիւռ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք կը ներշնչուին եւ կը նուիրեն իրենց անձերը այն նուիրական իղձերու իրականացման, որոնց համար իր կեանքը նուիրած է Անդրանիկը», նշած է Յարութիւն Յովսէփեան, առանց որեւէ ձեւով անդրադառնալու բոլոր այն դժուարութիւններուն, որոնք դեռ առջեւ են:
«Դժուարութիւնները կը յաղթահարուին, գործը կը մնայ …», զրոյցին վերջը նշած է ՊՀՄ նախագահ Յարութիւն Յովսէփեան եւ շարունակած իր զրոյցը շինարարական աշխատանքները ղեկավարող պատասխանատու անձանց հետ` անմիջականօրէն հետեւելով գործաւորներու աշխատանքներուն:
«Կանթեղ Արարատեան»
Հայկական Տեղեկատուական Կայք (ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ)