Անցեալ գիշեր Արցախեան սահմանին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է աւելի քան 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է մօտ 4000 կրակոց:
Առաւել բուռն կրակոցներ արձակուած են շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ: Նշուած հատուածին մէջ միայն DShK տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիրէ արձակուած է աւելի քան 500 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Հակառակորդին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու` շարունակելով լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ: