Հայաստանի ազգային գրադարանի Թամանեանական մասնաշէնքին մէջ Գրադարանավարի օրուայ միջոցառումներու ծիրէն ներս կը բացուի Գրատպութեան թանգարան: Այս մասին ըսած է Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը:
«Թանգարանի մէջ պիտի ներկայացուի հայկական գրատպութեան պատմութիւնը: Պիտի ներկայացուի, թէ 1512 թուականէն սկսած գրատպութեան ինչ կեդրոններ եղած են գաղթօճախներու մէջ, ինչ նշանակալի գիրքեր տպագրուած: Առանձին բաժին յատկացուած է հայ վաճառականներուն, ներկայացուած է, թէ անոնք ինչ դեր ունեցած են գրատպութեան գործին մէջ, ինչպէս աջակցած, ֆինանսաւորած եւ տարածած են գիրքը: Անկէ բացի՝ նաեւ ինչպէս իրենք մասնակցած են այդ գիրքերու թարգմանութեան, որովհետեւ այդ ժամանակ վաճառականները տիրապետած են օտար լեզուներու: Թանգարանին մէջ ինթըրաքթիւ տարբերակով պիտի ներկայացուին գրատպութեան արհեստագիտութիւնները»,-ըսած է Տիգրան Զարգարեանը: Գրատպութեան թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի նաեւ Հայաստանի անկախութեան տարիներու գրահրատարակչական ոլորտը: