Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսական S 300-ները տագնապ կը յարուցեն Սուրիոյ մէջ

Ռուսական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ մէջ S 300 հրթիռային համակարգերու տեղադրումը մտահոգութիւն ստեղծած է արեւմտեան մէկէ աւելի զինուորական խորհուրդներու մօտ: Այս մասին խստաոճ յայտարարութիւն մը կատարած է ՆԱԹՕ-ն յայտնելով, որ այս գերարդիական հրթիռներուն տեղադրումը կրնայ շրջանին մէջ նոր տագնապներու եւ յաւելեալ լարումի դուռ բանալ: Իր կարգին Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական ուժերու գլխաւոր զինուորական պատասխանատուն յայտնած է, որ S 300 հրթիռներու տեղակայումը բացարձակապէս ունի պաշտպանողական բնոյթ: Զօր. Իկոր Քոնաշոնքով նկատել տուած է S 300 հրթիռներու համակարգերը տեղակայուած են Թարթուս ծովեզերեայ քաղաքին մէջ եւ անոնց հիմնական նպատակն է պահպանել այդ քաղաքին մէջ եղող ռուսական զինուորական խարիսխները: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ