Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպի մէջ դարձեալ ծանր իրավիճակ. Զոհուած են 3 հայորդիներ

Հալէպ երէկ դարձեալ ծանր օր մը անցուց: «Արեւելք»-ին ունեցած տեղեկութիւններով, Հալէպ, յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ թիրախ դարձաւ ծանր հրթիռարձակումներու: Հրթիռներ ինկան յատկապէս՝ Նոր Գիւղ, Մոքամպո եւ Մուհաֆազա շրջաններու՝ խաղաղ բնակչութեան վրայ: Նշենք, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուեցան երեք հայորդիներ՝ Գասպար Շատոյեան (1986), Մովսէս Մովսէսեան (1987) եւ Յակոբ Չալլաքեան (1959): Հալէպի հայկական թաղամասերը, այսօր, անգամ մը եւս յայտնուած են պատերազմական ծանր վիճակի մը մէջ: Մինչեւ այս պահը հրթիռարձակումներ տեղի կ′ունենան Հալէպի հայկական շրջաններուն վրայ եւ քաղաքին մէջ կը տիրէ ընդհանուր պատերազմական վիճակ մը: Յիշեցնենք, որ անցեալ ուրբաթ օր եւս, Հալէպ անցուցած էր նոյնպէս ծանր ուրբաթ մը: Այդ օրուան ընթացքին, զոհուած էին չորս հալէպահայեր: Վերջին օրերու ընթացքին տեղի ունեցած հրթիռարձակումներէն ետք, այսօր Հալէպի մէջ, զոհուած հայորդիներու թիւը հասաւ եօթի:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ