Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրիոյ բանակը զիինեալներէն կը պահանջել հեռանալ Արեւելեան Հալէպէն

(Reuters-Պէյրութ) -Սուրիոյ բանակը յայտարարծ է, թէ ոեւէ անձ որ պիտի մնայ Հալէպի մէջ եւ պիտի չօգտագործէ զէնքը գետին դնելու եւ հեռանալու տրուած առիթը, պիտի արժանանայ իր   «անխուսափելի ճակատագիրին»: Այ ս մասին կը հաղորդէ Ռոյթըրզ:

Չորեքշաբթի  Սուրիական բանակի հրամանատարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած էր, որ ինք յստակ կերպով գիտէ Արեւելեան Հալեպի մէջ զինեալ ահաբեկիչներու բոլոր թաքստոցներու ճշգրիտ տեղերը եւ  կոչ ըրած է անոնց  զէնքերը յանձնել եւ հեռանալ:

Բանակը նաեւ աւելի շուտ յայտարարծ էր Արեւելեան Հալէպի վրայ իր օդային հարուածները թեթեւցնելու մասին՝ մարդասիրական նպատակներով, առիթ տալու խաղաղ բնակիչներուն հեռանալ այդ վայրերէն, դէպի աւելի ապահով շրջաններ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ