Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Տէ Միսթուրա «Ալ Նուսրա» Ճակատին կոչ ըրաւ

«Ես ձեզի կը դիմեմ, «Ալ Նուրսա»ի զինեալներ, առնուազն լսեցէք Հալէպի քաղաքացիներու աղաղակը» այսօր այս խօսքերով հանդէս եկած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ յանձնակատար Սթէֆան Տէ Միսթուրա: Տէ Միսթուրա նաեւ ըսած է, որ «Ալ Նուսրա» ճակատին տիրապետած շրջաններուն մէջ կը գտնուին շուրջ 275.000 անզէն քաղաքայիններ: «Դուք այսօր հազար զինեալներով պատանդ կը պահէք ձեր տիրապետած շրջաններուն մէջ եղող քաղաքացիները»ըսած է դիւանագէտը եւ առաջարկած զինեալներու արագօրէն լքել իրենց դիրքերն ու հեռանալ: Տէ Միսթուրա նաեւ նկատ տուած է, թէ եթէ կարիք ըլլայ, ինք անձնապէս պատրաստ է մասնկացիլ զինեալներուն, դէպի Իտլիպ կամ ցանկացած այլ վայր տարհանման աշխատանքներուն:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ