ԱՄՆ Օրեկըն նահանգի Փորթլանտ քաղաքի Lewis&Clark քոլեճի ուսանող Սեմ Պուսսանը իր հետաքրքրասիութեան արդիւնքով գրադարանի նկուղին մէջ յայտնաբերած է է 1599 թուականի հրատարակութեան Աստուածաշունչ մը` Եղիսաբէթ 1-ի եւ Շեքսփիրի Աստուածաշունչը, ուր յիշատակուած է Մեծ Հայքը: Աղբիւրը կը նշէ մեծ Հայաստան (The Great Armenia), կը յայտնէ Panorama.am-ը ամերիկեան հեղինակաւոր CBS հեռուստաընկերութեան կայքի յղումով:
Մասնագէտները կը նշեն, որ Աստուածաշունչի բացառիկ հրատարակութեան մէջ հիմնական գրառումները ներկայացուած են փայտի վրայ կատարուած բարդ պատկերազարդումներու միջոցով:
Աստուածաշունչին մէջ «Եդեմական այգիի իրավիճակը» բաժինին մէջ փայտէ տախտակի վրայ պատկերուած են Միջին Արեւելքի եւ Մեծ Հայքի, Բաբելոնի եւ Պարսից ծոցի քարտէզները:
Գիրքին մէջ կայ նաեւ գրառում, ըստ որուն՝ յայտնի կը դառնայ, որ անիկա տպագրուած է Լոնտոն, Անգլիոյ թագուհիին հրատարակիչ Քրիսթոֆըր Պերքըրի կողմէ: