Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է Սուրիայէն հայերու տարհանման մասին

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը խօսեր է Սուրիայէն հայերուն Հայաստան տեղափոխումը իրականացնելու գործին ՌԴ հնարաւոր աջակցութեան մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ ռուսական «Russia Today»-ը, այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձեր է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Ռուսաստանը պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանին` Սուրիոյ մէջ գտնուող հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն պատմական հայրենիք տեղափոխելու հարցին` Զախարովան ըսած է. «Եթէ կայ պաշտօնական տեղեկութիւն, կան նամակներ Սուրիոյ տարածքին բնակող հայերէ, որոնք կ’ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան, ապա անոնք պէտք է համապատասխան ձեւով այդ մասին տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ու համապատասխան մարմիններուն: Հայաստանն ալ համապատասխան ձեւով, եթէ դրական տեսնէ այդ մէկը, պէտք է դիմէ այս կամ այն կողմին, որ կրնայ նման օգնութիւն ցուցաբերել: Այս է նորմալ ընթացակարգը»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ