Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Միացեալ Նահանգներ «այլ տարբերակներ» կը քննարկէ Սուրիոյ համար. Քըրպի

Միացեալ Նահանգներ «այլ տարբերակներ» կը քննարկէ Սուրիոյ համար: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ԱՄՆ Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի: Քըրպի նաեւ ըսած է, որ իրենք ԱՄՆ նախագահին մի քանի կարեւոր առաջարկ- ծրագիրներ ներկայացուցած են եւ այս առումով կը սպասեն պատասխանի: Այլ ուղղութեամբ Սպիտակ տան մօտիկ եղող լրագրողական աղբիւրներ այսօր լուր տարածած են այն մասին, թէ քննարկուող տարբերակներուն մէջ կայ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն գլխաւոր կեդրոնները թիրախ դարձնելու այլընտրանքը: Աղբիւրները կը յայտնեն նաեւ, որ ԱՄՆ իր ծրագիրներուն համար ամէնէն առաջ նախատեսած է Հալէպի մէջ զինուորական «անակնկալ» գործողութիւն մը կատարելու այլընտրանքը:

Նշենք, որ ռուս մէկէ աւելի զինուորական պաշտօնատարներ երէկ ուշ գիշեր զգուշացումներ կատարելով յայտատարած էին, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան որեւէ միջամտութիւն իր ծանր հետեւանքները պիտի ունենայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ