Նոպելեան կոմիտէն այսօր Օսլոյի մէջ յայտարարած է խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիրին անունը, եւ ան` Քոլոպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսն է: «Washington Post»-ի փոխանցմամբ, Քոլումպիոյ առաջնորդը Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին արժանացած է իր ժողովուրդին խաղաղութիւն պարգեւելուն համար:
Ալֆրետ Նոպելի կամքին համաձայն, խաղաղութեան ամրապնդման եւ հաստատման համար մրցանակը միւս հինգ մրցանակներէն մէկն է, որ կը յայտարարուի ոչ թէ Սթոքհոլմի, այլ Օսլոյի մէջ: Մրցանակներու բաշխման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ միշտ նոյն օրը` Դեկտեմբեր 10-ին` մրցանակի հիմնադիրին մահուան օրը: