Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հունգարիա կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Հոկտեմբեր 6-ին, Հունգարիոյ Խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը մերժած է Կանաչներու կուսակցութեան ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:
Պէտք է ըսել, որ այս արդիւնքը գուշակելի էր, նկատի ունենալով, որ Հունգարիոյ 199 անդամ ունեցող Խորհրդարանին մէջ Կանաչները միայն հինգ աթոռի տէր են: Դէմ քուէարկած երեսփոխանները հաւատարիմ մնալով թրքական դիրքորոշման՝ պնդած են, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է լուծուի պատմաբաններու եւ իրաւագէտներու կողմէ։
Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի դեսպաններն ու Թուրքիոյ Անկախ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան ներկայացուցիչը:
Հունգարիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը անցեալ տարի ալ ներկայացուցած էր նման բանաձեւ մը, որ նոյնպէս մերժուած էր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ