Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»-ը ելոյթ ունեցած են եւրոպական 9 քաղաքներու մէջ

Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարած «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը` ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Անկախութեան սերունդ» խորագիրը կրող համերգային շրջագայութեամբ եղած է Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ:

Երգչախումբը համերգներով հանդէս եկած է  եւրոպական 9 քաղաքներու մէջ, ունեցած է 9 համերգ` հանրայայտ Պեռլինի Ֆիլհարմոնիկ համերգասրահէն մինչեւ Պրիւքսելի Մայր Տաճար:

Երգչախումբէն կը յայտնեն, որ համերգներուն ներկայ եղած են արտերկրի պետական բարձրաստիճան այրեր, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, միջազգային պատուիրակութիւններ, արուեստագէտներ, երգչախմբային արուեստի սիրահարներ:

Գերմանիոյ Մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է. «Աշխարհի լաւագոյն բեմերը նուաճած  «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգախումբը, լինելով Հայաստանի Հանրապետութեան հասակակիցը, խաղաղ եւ ներդաշնակ աշխարհում ապրելու եւ ստեղծագործելու հայ ժողովրդի ձգտման լաւագոյն արտայայտումն է»:

«Միդուեսթ» աղջիկներու երգչախումբի տնօրէն Մարթին Օլսենը ըսած է.  «Ես երբեք նման մաքրագոյն եւ գեղեցիկ կատարում չէի լսած: Դուք ստիպեցիք ինծի առնուազն 50 րոպէ արտասուելու»:

Խմբավար, երգեհոնահար Փիթըր Արենդտը ըսած է. «Շնորհակալ ենք այս հիանալի համերգի համար: Ասիկա միայն երաժշտութիւն չէր, դուք այս երեկոյ պատմեցիք մեզի երկար եւ շատ կարեւոր պատմութիւն մը Հայաստանի մասին»:

Պրիւքսելի սիմֆոնիկ նուագախումբի ջութակահար Ստեփան Ստեփանեանի խօսքով, համերգը ապացուցած է, որ մենք իսկապէս աշխարհին ըսելիք ունինք եւ՛ իբրեւ հայ երաժշտութեան քարոզիչներ եւ՛ իբրեւ հայ երաժշտութեան տարբեր գոյներն ու դարաշրջանները ներկայացնողներ:

«Ես շատ յուզուած եմ եւ հիացած: Պարգեւեցիք մեծ երջանկութիւն այս հեռաւոր հիւսիսային երկրին` Եւրոպայի կեդրոնին մէջ, տաք հայկական ջերմութիւն բերիք ձեզի հետ»,-ըսած է ան:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ