Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Յունաստանը Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է .ՆԱԹՕ

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ու զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը Թուրքիոյ դէմ իրենց բողոքը ներկայացուց ՆԱԹՕ-ին։ Թրքական «OdaTv» լրատուակայքի համաձայն՝ Յունաստան իր դժգոհութիւնը արտայայտած է վերջին ամսուայ ընթացքին թրքական նաւատորմի սուզանաւերու՝ յունական տարածքին գտնուելու առթիւ։

Յունական կողմը մասնաւորապէս նշած է, որ թրքական սուզանաւերը շատ մօտեց եգիական ծովի մէջ գտնուող  եւ Յունաստանին պատկանող Լեմնոս, Սամոթրակիա, Հիոս, Լեսպոս, Հռոտոս, Կարպաթոս, Կասթելորիզօ կղզիներուն եւ Կրէտէի հիւսիսային ափերուն:

Աղբիւրի համաձայն՝ յոյն պաշտօնեաները նշեալ տարածքներ բերած են 6 նաւ եւ ռազմական օդանաւեր: Սակայն յունական տարածք ներխուժած թրքական սուզանաւերը չեն հետապնդուած ու հեռացած տարածաշրջանէն:

Յունաստանի ներկայացուցած բողոքի մէջ ուշադրութեան է կը հրաւիրուի նաեւ, որ թրքական սուզանաւերու այս աշխուժութիւնը գրանցուած է նախագահ Էրտողանի եւ այլ թուրք պաշտօնեաներու կողմէ եգիական ծովու կղզիներու եւ Լոզանի պայմանագրի մասին յայտարարութիւններէն ետք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ