Թուրքիոյ զինուած ուժերու կողմէ «Քիւրտիստանի բանւորական կուսակցութեան» (PKK) դէմ իրականացուող գործողութիւններու ծիրէն ներս եւ սահմանային շրջաններու անվտանգութիւնը զօրացնելու նպատակով վերջին օրերուն թուրք-իրաքեան սահման եկը տեղափոխուին մեծ թիւով զինուորներ եւ զինմթերք:
Ըստ թրքական «Hurriyet» պարբերականի` զինուորներու եւ զինամթերքի տեղափոխման աշխատանքները համակարգելու եւ համապատասխան ցուցմունքներ տալու համար սահմանամերձ Շըրնաք նահանգ մեկնած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, բանակի զօրավար Հուլուսի Աքարը: