Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Հոկտեմբերին այցելած է Հադրութի շրջանի Քարագլուխ գիւղ, ուր մասնակցած է նոր վերանորոգուած Սրբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման եւ շարք մը նորակառոյց առանձնատներու բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւններուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, Արցախի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է ռուսաստանաբնակ բարերար Մաքսիմ Աթայանցին հայրենի գիւղին մշտական աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար` ատիկա համարելով հայրենասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:
Արարողութիւններուն կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: