Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ անկախութեան 25 ամեակին առթիւ գրքարուեստին նուիրուած ցուցահանդէս Չեխիոյ մէջ

12 Հոկտեմբերին Չեխիոյ ազգային գրադարանին մէջ բացուած է «Հայ գրքարուեստը դարերու ընդմէջէն» խորագիրով ցուցահանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 եւ Ամսթերտամի մէջ տպագրուած Ոսկան Երեւանցիի առաջին հայալեզու Աստուածաշունչի 350-ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Ցուցահանդէսը բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է մօտ 75 ցուցանմուշ` հայ հնատիպ գիրքերու եզակի նմուշներ, ժամանակակից չեխական գրականութեան նմուշներու հայերէն տպագրութիւններ, հայ գրողներու գործերը չեխերէն թարգմանութեամբ: Պիտի կայանայ համատեղ հրատարակուած ցուցահանդէսի ծաւալուն պատկերագիրքին շնորհանդէսը:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 25 եւ պիտի եզրափակուի Գարլի համալսարանի լարային նուագախումբին համերգով (խմբավար` Հայկ Ութիճեան): Ծրագիրով պիտի հնչեն Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները` Զարէ Սահակեանցի մշակումով: Ցուցահանդէսին զուգահեռ պիտի իրականացուին դասախօսութիւններ տարբեր թեմաներով:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ