Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ արտադրութեան, գիտահետազօտական եւ կրթութեան ոլորտի 175 բարձր որակաւորում ունեցող արուեստագէտ աշխարհի 31 երկրէ:
25 հանգուցային ելոյթ եւ հրաւիրուած զեկոյց պիտի ներկայացուի սիմփոզիումի լիագումար նիստերուն ընթացքին:
14-րդ «IEEE EWDTS 2016` Արեւելք-արեւմուտք նախագծում եւ թեստ» միջազգային գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14-17, Երեւանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։
Բանախօսներն են արդիւնաբերութեան եւ գիտահետազօտական մտքի այնպիսի յառաջատար դէմքեր, ինչպէս` Intel ընկերութեան IoT (իրերու ինթըրնեթ) խումբի առաջնակարգ մասնագէտը, Qualcomm ընկերութեան աւագ փոխնախագահը, Synopsys ընկերութեան առաջնակարգ մասնագէտն ու գիտնականը, IBM Research-ի տնօրէնը, խոշոր համալսարանները ներկայացնող ականաւոր փրոֆէսըրներն ու հետազօտութեան առաջնորդները:
East West Design & Test Սիմփոզիումը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացած է 2007-ին: Գիտաժողովին հիմնական նպատակն է ելեկտրոնային ծրագիրներու եւ համակարգերու նախագծման, անոնց ինքնաշխատացման եւ փորձարկման ոլորտին մէջ Արեւելքի (յատկապէս Սեւ Ծովու աւազանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու) եւ Արեւմուտքի մասնագէտներու եւ հետազօտողներու միջեւ փորձի փոխանակումը, նոր նախագիծերու եւ գաղափարներու քննարկումը: