Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ԿԱՅ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱԿ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Դատապարտէ Խորթ Եւ Արհեստածին Մարմիններ Ստեղծելու Վերջերս Կատարուող Ապօրինի Փորձերը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, յանուն ՌԱԿ-ի միասնականութեան ու համերաշխութեան, ամիսներու վրայ երկարող ամէն մակարդակի բանակցութեանց եւ երկխօսութեան մէջ մտաւ կարգ մը ընկերներու հետ, նոյնիսկ ի գին զիջումներու, միշտ հաւատարիմ մնալով 95-ամեայ ՌԱԿ-ի կառոյցը ամուր եւ միասնական պահելու եւ անոր Ծրագիր-Կանոնագիրը պահպանելու իր նուիրական երդումին: Դժբախտաբար սակայն ՌԱԿ-ի անդամ կարգ մը ընկերներ, հակադրուելով ՌԱԿ-ի օրինական ղեկավարութեան, վերջերս նախընտրեցին լքել անոր աւանդական կառոյցը՝ 95-ամեայ Կուսակցութեանս համար կանոնագրականօրէն խորթ, ապօրինի եւ արհեստածին մարմիններ ստեղծելով ու անոնց միջոցով հայ աւանդական կուսակցութիւններէն մէկը հանդիսացող ՌԱԿ-ը պառակտել կամ իւրացնել փորձելով: Հետեւաբար, պառակտումի այս քայլը ոչ միայն կը փորձէ տկարացնել ՌԱԿ-ը, այլ նաեւ կը սպառնայ Սփիւռքի գոյութեան, որուն ներկայութենէն ու քաղաքական ուժէն կը սարսափի հայ ժողովուրդի թշնամին եւ որուն կազմակերպ վիճակը աւելի քան կենսական է Հայրենիքի համար իսկ:

Հանրային կարծիքի մօտ յառաջացած շփոթը փարատելու նպատակով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս այսու հայ պետական, քաղաքական, ազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդի զաւակներուն պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ՝ կայ մէկ ու միակ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, որուն գերագոյն ղեկավար մարմինը կը հանդիսանայ Հայրենիքի մէջ ընթացիկ տարուան Մայիս ամսուան գումարուած ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովէն բխած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն իշխանութենէն դուրս գործող կամ հանդէս եկող ոեւէ անձ կամ որեւէ մարմին չի կրնար ներկայացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ ինչ շողշողուն պիտակով կամ կարգախօսով ալ ներկայանայ ան:

Առ այդ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս իր աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ ընկերներուն կոչ կ’ուղղէ համախմբուելու իր օրինական ղեկավարութեան շուրջ ու համերաշխաբար գործելու յանուն Ազգին ու Հայրենիքին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս շուտով իր շարքայիններուն ու հայ հասարակութեան ընդհանրապէս պիտի յայտարարէ Հայրենիքի մէջ գործող եւ զինք ներկայացնող օրինական կառոյցներուն անուններն ու աշխատանքային ծիրը: 

Անկցի ամէն պառակտումի փորձ:

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան 
Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան
Ատենապետ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ