Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրանսա. Ժխտողականութեան պատժելիութեան օրէնքի քննարկումը ՝ այսօր

Ֆրանսայի Ծերակոյտը, ինչպէս նախատեսուած էր, Հոկտեմբեր 12-ին սկսած է քննարկել «Քաղաքացիութիւն եւ ազատութիւն» օրէնքի բարեփոխուած օրինագիծը: Կէս գիշերը անց, քննարկումները դեռ աւարտած չըլլալով, նիստի նախագահը որոշած է Ուրբաթ օրուան յետաձգել քննարկումը 37-րդ, 38-րդ յօդուածներուն, որոնք կը վերաբերին, ի մէջ այլոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումին պատժելիութեան:
Քննարկումներուն հետեւած են Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան:
Հետաքրքրական է նկատել, որ նոյն իրիկունը, այն ժամերուն երբ քննարկումները կ՚ընթանային, Ծերակոյտի նախագահը՝ Ժերար Լառշէ կ՚ընդունէր Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը եւ այս հանդիպումին կը յաջորդէր Ծերակոյտի ֆրանքեւթրքական բարեկամութեան խումբին ընթրիքը:

 

Նիւթի աղբիւր՝  «Նոր Յառաջ»


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ