Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՊԿ-ի Առաջնորդները Ղարաբաղի հարցով յատուկ յայտարարութիւն պիտի հրապարակեն

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները Երեւանի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի (ՀԱԽ) նիստին յայտարարագիր պիտի ընդունին միջազգային անվտանգութեան վրայ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու միակողմանի տեղակայման ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ առանձին յայտարարագիր պիտի ընդունուի ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշակովը:

«Կ’ընդունուի առանձին յայտարարագիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով, հայտարարագիր հակահրթիռային պաշտպանութեան կլոպալ համակարգի տեղակայման շուրջ միակողմանի գործողութիւններու` միջազգային անվտանգութեան եւ կայունութեան վրայ ազդեցութեան հարցով»,- լրագրողներուն ըսած է Ուշակովը ճեպազրոյցի ժամանակ:

Ուշակովի խօսքով` ընդհանուր առմամբ, ստորագրման համար պատրաստուած է 24 փաստաթուղթ, որոնց մէկ մասը փակ բնոյթ կը կրէ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ